Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ղազարեան Եւ Մխիթարեան Կոլ Նշանակեցին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումները:

Մեթալուրկ Տոնեցք իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Արսենալ Քիեւի:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող երեք ֆութպոլիստներէն միայն Կարլեն Մկրտչեան իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ Մեթալուրկի հետ, մինչ Գէորգ Ղազարեան եւ Արտակ Եդիգարեան նկատի առնուած էին իբրեւ պահեստի մարզիկ:

Բ. կիսախաղին Ղազարեան փոխարինեց Մկրտչեանը, մինչ Եդիգարեան դաշտ չներկայացաւ: 63-րդ վայրկեանին Ղազարեան նշանակեց կոլ մը, մինչ մրցումը կ՛ընթանար 1-0 արդիւնքով:

Նշենք, որ շաբաթավերջին կոլ նշանակեց նաեւ Հենրիխ Մխիթարեան (62-րդ վայրկեանին), երբ անոր կազմը` Շախտիոր Տոնեցք 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Զորիան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )