Ասիոյ Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը
Ճափոնի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 89-69 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չինաստանը: Լիբանանէն Էլի Սթեֆան նշանակեց 14 կէտ, իսկ անոր խմբակից Կառնեթ Թոմսըն` 12:
Նշենք, որ Լիբանան իր կատարած առաջին մրցումին 120-51 արդիւնքով յաղթած էր Մաքաոյի, իսկ երկրորդին պարտուած Ֆիլիփեան կղզիներէն` 78-68 արդիւնքով:
Վաղը` երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Լիբանան կը կատարէ Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումը` Ուզպեքիստանի դէմ:
CATEGORIES Մարզական


