ՀՄԸՄ-Անթիլիասի Մինի-Ֆութպոլի Մրցաշարք. «Պի. Էլ. Սի.» Դրամատան Խումբը Տիրացաւ Տիտղոսին
Հինգշաբթի, 13 սեպտեմբեր 2012-ին իր աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի ֆութպոլի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած մինի-ֆութպոլի մրցաշարքը, որ կը վայելէր ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութիւնը:
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի արուեստական խոտով ծածկուած բացօթեայ դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած տասը խումբերը յաջողեցան տպաւորիչ եւ բարձր մակարդակի ֆութպոլ կիրարկելով արժանանալ իրենց համակիրներուն ջերմ քաջալերանքին: Նշենք, որ մրցաշարքը սկսած էր 29 օգոստոսին:
Աւարտական մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց «Պի. Էլ. Սի.» դրամատան եւ «ՊԵԹՍԱ» խումբերը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 8-4 արդիւնքով:
Մրցումին ազդանշանը տուաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադիր, վարչութեան անդամ, վեթերան ֆութպոլիստ, ՀՄԸՄ-ի ախոյեան խումբին եւ Լիբանանի ազգային խումբին նախկին միջնապահ Զաւէն Գասապեան, իսկ օրուան կեդրոնի եւ գլխաւոր իրաւարարն էր Սեպուհ Պապիկեան:
Մրցումի ազդանշանին տրուելէն սկսեալ «Պի. Էլ. Սի.», որուն մաս կը կազմէր Ասիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստ Խալետ Թաքաճի, տիրապետելով եւ տպաւորիչ ներկայացում մը ունենալով, Ա. կիսախաղին յառաջացաւ 4-0 արդիւնքով եւ բնականաբար անառիկ պահեց իր բերդը:
Մինչ «Պեթսա», որուն մաս կը կազմէին փորձառու ֆութպոլիստներ, ինչպէս` Յակոբ Տօնապետեան, Ներսէս, Յարութ, Սագօ Էսքիճեաններ եւ ուրիշներ, չկրցաւ կոլերու վերածել իր կազմակերպած վտանգաւոր յարձակումները:
Թէեւ Բ. կիսախաղին երկու կազմերը նշանակեցին չորսական կոլ, սակայն կացութենէն բան չփոխուեցաւ եւ «Պի. Էլ. Սի.» տարաւ վերջնական յաղթանակը` 8-4 արդիւնքով:
Մրցումին աւարտին կազմակերպիչներուն կողմէ մետալներ յանձնուեցան երկու խումբերուն, իսկ Մըզհերի փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան երկրորդութեան տիտղոսը յանձնեց «Պեթսա»-ի խմբապետ Ներսէսին, որմէ ետք առաջնութեան տիտղոսը` «Պի. Էլ. Սի.»-ի խմբապետ Խալետի:
Կազմակերպիչները ապա շնորհակալութիւն յայտնեցին մասնակցող տասը խումբերուն եւ անշուշտ անոնց համակիրներուն մեծաթիւ ներկայութեան, որ իւրայատուկ մթնոլորտ ստեղծեց համալիրին մէջ եւ քաջալեր հանդիսացաւ մասնակցող տասը խումբերուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:



