ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ տասը աղջնակները

Աւագ երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Աւագ շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող` Տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութեան: Յիսուսի պատմած Տասը կուսանաց առակէն առնելով իր իմաստը, սոյն երեկոյեան ժամերգութիւնը կու գայ յիշեցնելու հաւատացեալներուն աւետարանական ճշմարտութիւնները, Յիսուսի երկրորդ գալուստը եւ աշխարհի վախճանը:

Մինչ Աւետարանի ընթերցումը տեղի կ՛ունենար, տասը հայ աղջիկներ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, Մայր տաճարի դասին մէջ կանգնեցան: Անոնցմէ հինգը իրենց բաժնուած թուղթին մէջ «իմաստուն» գրութիւնը կարդալով` վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ անոնք, որոնք «յիմար» կարդացին, մարեցին զանոնք` խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը: Իմաստունները, առակին մէջ յիշուած հինգ կոյսերուն նման` Տիրոջ գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշէին, իսկ մնացեալները` անտարբեր մարդիկ, որոնք չեն հետաքրքրուած Աւետարանի բարոյական սկզբունքներով, եւ իրենց առօրեան կ՛ապրին հեռու քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներէն:

Արարողութեան աւարտին, տասը կոյսերը Մայր տաճարի օգնական լուսարարապետ Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք: Այս առիթով վեհափառը գնահատեց հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն նկատմամբ անոնց հետաքրքրութիւնը եւ յորդորեց սիրել իրենց մայրենի եկեղեցին եւ գործադրել աւետարանական պատգամները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES