ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՅԺՄՈՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՒԵԼԻ ՁԵՌՆՏՈՒ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻ ԱՐԾԱՐԾՈՒՄԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՖԱՐԻՏ ԽԱԶԵՆ
Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին, երէկ` չորեքշաբթի, 20 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-ին շահեկան դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ այժմու արտաքին քաղաքականութեան շուրջ:
Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին անունով Ռազմիկ Պոյաճեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` յիշեցնելով, որ 96 տարիներ ետք տակաւին Թուրքիա կը հերքէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Ոչ միայն հայեր, այլեւ ասորիներ, քիւրտեր եւ արաբներ, այլ նաեւ յատկապէս լիբանանցիք Թուրքիոյ կողմէ ենթարկուեցան ցեղասպանութեան», ընդգծեց Պոյաճեան:
Նշելէ ետք օրուան պատգամը` Ռազմիկ Պոյաճեան բեմ հրաւիրեց ձեռնարկի գլխաւոր բանախօս, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Իլիաս Խազենը:
Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ երեսփոխան Խազեն ներկայացուց Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը` հակիրճ ձեւով նշելէ ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմին ստեղծուած կացութիւնը, անցնելով երկբեւեռային Պաղ պատերազմի շրջանը եւ յանգելով 1989-1990 թուականներու Պերլինի «պատ»ի քանդումին` իբրեւ խորհրդանիշ Պաղ պատերազմի աւարտին:
Ապա երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն անդրադարձաւ քաղաքական եւ յատկապէս շրջանային վերջին զարգացումներուն, արաբական ըմբոստութեան շարժումներուն եւ այս գծով Թուրքիոյ կեցուածքին` դիտել տալով, որ ամերիկեւխորհրդային երկբեւեռային տիրապետութեան շրջանին գրեթէ առկախուած են հարցերը, որոնց կարգին նաեւ` Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այսուհանդերձ, հակառակ Հայաստանի հայութեան ապրած պայմաններուն, առաւելաբար սփիւռքի հայերուն ճիգերով որոշ թիւով պետութիւններ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ Թուրքիա կը փորձէր շրջանային դեր մը ապահովել` իբրեւ արեւմտեան երկիրներու, յատկապէս` ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր դաշնակից: Թուրքիա նաեւ սերտ կապեր ունէր Իսրայէլի հետ:
«Սակայն Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք հիմնական կարգ մը դէպքեր որոշ վերիվայրումներու ենթարկեցին ստեղծուած սթաթիւս քոն, ինչպէս` Սատտամ Հիւսէյնի Քուէյթ ներխուժումը, Սատտամի սպառնալիքը քարիւղի արտադրութեան եւ ցրուումին գծով. նաեւ` 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական ցնցիչ դէպքը: Այս բոլորէն ետք զգալի փոփոխութիւն նկատուեցաւ աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ, ինչպէս` կեդրոնական Եւրոպա եւ այլն:
Յատկապէս յետպաղպատերազմեան շրջանին եւ ամերիկեան միաբեւեռ տիրապետութեան լոյսին տակ, Թուրքիա փորձեց որոշ դեր ստանձնել շրջանի քաղաքականութեան տնօրինումին մէջ:
Այս ուղեգիծը շեշտուեցաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան հասնելէն ետք, ուր նկատելի է, որ Թուրքիա կը փորձէ նաեւ դէպի Արեւելք ուղղել իր հայեացքները:
Սպասելով Եւրոպական խորհրդարանին հետ բանակցութեանց եւ պայմաններու քննարկման` Թուրքիա մերձեցման քաղաքականութեամբ առաւել եւս բացուեցաւ դէպի արաբական աշխարհ եւ մօտակայ դրացիներ, ինչպէս` Իրան, Հայաստան: Հոսկէ` Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութեանց ստորագրումը, որ մերժուեցաւ յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ: Ներկայիս Թուրքիա կը շարունակէ «բացուելու» իր այդ քաղաքականութիւնը, եւ հիմա աւելի ձեռնտու է արծարծել անցեալին «սառած» պահուած կամ առկախ մնացած հարցերը, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Այլ խօսքով, արաբական պետութեանց թէ շրջանի այլ երկիրներուն մերձենալու կամ միջնորդելու դերակատարութիւնը կարելի կը դառնայ միայն առկախ հարցերու արծարծումէն եւ քննարկումէն ետք: Արաբական շրջանին մէջ փոխանցման այս հանգրուանին պայմանները աւելի նպաստաւոր են Թուրքիոյ համար` իր նշեալ քաղաքականութիւնը հետապնդելու:
Դասախօսութեան աւարտին երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Յատկապէս Ապրիլ 24-ը լիբանանեան «պետական օր» հռչակելու հարցին գծով երեսփոխան Խազեն յայտնեց, որ այդ մէկը կարելի չէ վճռել խորհրդարանին մէջ քուէարկութեամբ, այլ` հայկական քաղաքական կուսակցութիւններուն կը մնայ զայն ներկայացնել իբրեւ առաջարկ:


