«ՕԹԱՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՄԵՔԱՆԻԶՄ ԿԸ ՄՇԱԿԷ» Կ՛ԸՍԷ ԿՈՐՏԸՆ

Վրացական «Ճի. Էյչ. Էն.» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն ամփոփելով Պերլինի մէջ կայացած ՕԹԱՆ-ի նախարարներու մակարդակով հանդիպումը յայտնած է, որ ՕԹԱՆ կը մշակէ այնպիսի մեքանիզմներ, որոնք պէտք է Վրաստանը անդամակցութեան առաւել ուժեղ թեկնածուի մը վերածեն:

«®Ես չեմ կրնար ՕԹԱՆ մուտք գործելու շօշափելի ժամկէտեր նշել, սակայն կ՛ըսեմ, որ նախարարները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ կը պարտաւորուին աջակցիլ Վրաստանի ՕԹԱՆ մուտք գործելուն եւ շարունակելու Վրաստանի` իբրեւ եւրատլանտեան կառոյցներու թեկնածուի ամրապնդման հոլովոյթը: Դաշինքը կ՛աշխատի Վրաստանի համար տարեկան նախագիծի եւ այլ մեքանիզմներու վրայ, որոնք պէտք է Վրաստանը առաւել ուժեղ թեկնածու դարձնեն», ըսած է Կորտըն:

ՕԹԱՆ-ի նախարարներու մակարդակով հանդիպում տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ` Պերլինի մէջ: Այդ հանդիպման ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ՕԹԱՆ-Վրաստան յանձնախումբի նիստը:

2008-ի ապրիլին Պուքրէշի մէջ կայացած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ժամանակ Վրաստանը թեկնածու երկիրի կարգավիճակ ստանալու դիմում ներկայացուցած էր: Խնդրանքը մերժուեցաւ: Սակայն դաշինքը յայտարարեց, որ Վրաստան ապագային կրնայ անդամ դառնալ:

 

Share this Article
CATEGORIES