ԱԶՀԱՐԻ ՇԷՅԽԸ ԻՐԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՉՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ

Ազհարի շէյխ դոկտ. Ահմետ Թայեպ Իրանին կոչ ուղղեց` Պահրէյնի եւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելու, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող տագնապները նկատելու բացառապէս ներքին հարցեր, որոնց լուծումը շրջանի ժողովուրդներն ու պատասխանատուները կը ստանձնեն: Ան ըսաւ, որ Իրան այդպիսի կեցուածք պէտք է որդեգրէ սադրանքէն զգուշանալու, արիւնահեղութիւնը կանխարգիլելու, բարի դրացնութեան ու անոր իրաւունքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին իսլամներուն միջեւ միասնականութիւնը յառաջացնելու յոյսով սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ երկխօսութեան ծրագիրին զօրավիգ կանգնելու համար. երկխօսութիւն մը, որուն մէջ յառաջ ընթանալու համար Իրանն ու Ազհարը նախանձախնդրութիւն ունին:

Ազհարի շէյխը նաեւ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու մէջ բանտարկուած դոկտ. Օմար Ապտել Ռահմանը ազատ արձակելու լուրջ քայլեր գոյութիւն ունին` հաստատելով, որ յառաջիկայ օրերուն այս հարցով դրական մթնոլորտ մը պիտի տիրէ:

Share this Article
CATEGORIES