Թենիս Նալպանտեան Կը Շարունակէ Մնալ 57-րդ Դիրքին Վրայ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ երէկ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան կը շարունակէ մնալ  57-րդ դիրքին վրայ` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 635 կէտ:

Նշենք, որ վիրաւոր Նալպանտեան իր մասնակցութիւնը չկրցաւ բերել նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Արժանթին – Չեխիա թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտականին, ուր անոր կազմը 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:

Նալպանտեան այժմ կը պատրաստուի յառաջիկայ 15-21 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Սթոքհոլմի մրցաշարքին:

Ինչ կը վերաբերի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւողին, սերպ Նովաք Տիոքովիչ կը գրաւէ առաջին դիրքը (9910 կէտ)` իր ետին ձգելով Ռոժէ Ֆետերերը (Զուիցերիա, 8920 կէտ) եւ Ռաֆայէլ Նատալը (Սպանիա, 6840):

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )