Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւնը` Երեւանի Մէջ
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 28 նոյեմբերէն 7 դեկտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէջը, մրցումները տեղի պիտի ունենան Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ:
Երեւան, որ 2009-ին հիւրընկալած էր նաեւ աշխարհի պատանիներու ախոյեանութիւնը, արժանացած էր կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին բարձր գնահատանքին:
CATEGORIES Մարզական