Ճատրակ. Յովհաննէս Կապուզեան Կրանտմասթըրի Կոչում Ստացաւ
Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ի որոշումով, Հայաստանի 17 տարեկան ճատրակ խաղացող Յովհաննէս Կապուզեան ստացաւ կրանտմասթըրի կոչում: Այս մասին «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացաւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն:
Նշենք, որ այս որոշումը տրուած էր Պոլսոյ մէջ ՖԻՏԷ-ի գումարած համաժողովին ընթացքին:
Այսպիսով, Հայաստանի կրանտմասթըրներուն թիւը բարձրացաւ 33-ի:
Կապուզեան Հայաստանի պատանի ճատրակ խաղացողներուն մէջ ամէնէն շատ ապագայ խոստացողներէն է: Ան 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ միջազգային ողիմպիականի ախոյեան է, յաջող ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ այլ մրցաշարքերու ընթացքին:
Պէտք է նշել սակայն, որ կրանտմասթըրի կոչումը պաշտօնական ուժ կ՛ունենայ միայն այն ժամանակ, երբ ճատրակ խաղացողին անհատական վարկանիշը կ՛անցնի 2500 կէտը:


