Իրանի 44-րդ Համահայկական Խաղեր. Համահայկականի Մթնոլորտը Ազդուած Է Նահատակ Գուրգէն Մարգարեանի Դահիճին Ազատութիւն Շնորհելու Անարդար Որոշումէն
Հայ մշակութային Արարատ կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ) Իրանի 44-րդ համահայկական խաղերու բացման առաջին վայրկեաններէն սկսեալ արտակարգ եռուզեռ սկսաւ տիրել Արարատ մարզաւանին մէջ:
Ինչպէս բացման արարողութիւնը, նոյնպէս մարզաւանի մթնոլորտը մեծապէս ազդուած է նահատակ Գուրգէն Մարգարեանի դահիճին ազատութիւն շնորհելու անարդար որոշումէն: Նահատակին մեծադիր նկարներուն կողքին, ուր նկարագրուած է դէպքին ամբողջութիւնը կազմակերպուած է բողոքի ստորագրահաւաք, որ պիտի ներկայացուի Թեհրանի մէջ հաստատուած Հունգարիոյ դեսպանատան:
Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս ՀՄԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան, մարզաւանի վարիչ մարմինի եւ երէց պատասխանատուները ամէնօրեայ լիաժամ ներկայութիւն ունին մարզաւանին մէջ:
Կարեւորութեամբ նշուեցաւ այն կարեւոր կէտը (կազմակերպիչներուն կողմէ), որ քանի մը տարուան բացակայութենէ ետք, այս 44-րդ խաղերուն ներկայ է դարձեալ Երեւանի տղոց պասքեթպոլի խումբը:
Տարբեր շրջաններէ ժամանած խումբերուն մարզիկները իրարու հետ հանդիպելով, թարմացնելով նախորդ տարիներուն իրենց յուշերը, այժմ մեծ խանդավառութեամբ սկսած են այս խաղերուն, կ՛եզրափակեն կազմակերպիչները:

