«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Կը Սկսին Խմբակներու Դրութեամբ Ընթացող Ա. Հանգրուանի Մրցումները
Այսօր` երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին կը սկսին խմբակներու դրութեամբ ընթացող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները:
Կը կարծուի, որ ամէնէն հետաքրքրական եւ տաք ճակատումը ըլլայ Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի մրցումը, թէեւ այլ հանդիպումներ եւս կը խոստանան ըլլալ բոլորին ուշադրութիւնը իրենց վրայ կեդրոնացնողները:
Եթէ պատահի, որ Սպանիոյ ախոյեանը յաղթէ Սիթիի պիտի հանդիսանայ առաջին խումբը, որ արձանագրած պիտի ըլլայ այս մրցաշարքին իր 100-րդ յաղթանակը: Նշենք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ արձանագրած է 98 յաղթանակ, մինչ Պարսելոնա` 97:
Նշենք, որ անոնք առաջին անգամ ըլլալով է, որ այսօր իրարու դէմ յանդիման կու գան:
Հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ Այաքս Ամսթերտամ – Պորուսիա Տորթմունտ մրցումը:
Ստորեւ կու տանք այսօր եւ վաղը տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Տինամօ Զաղրեպ – Փորթօ 21:45
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Տինամօ Քիեւ 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
Մոնփելիէ – Արսենալ 21:45
Օլիմփիաքոս – Շալքէ 21:45
Գ. ԽՄԲԱԿ
Ա. Սէ. Միլան – Անտըրլեխթ 21:45
Մալակա – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Պորուսիա Տորթմունտ – Այաքս Ամսթերտամ 21:45
Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի 21:45
ՎԱՂԸ
Ե. ԽՄԲԱԿ
Չելսի – Եուվենթուս 21:45
Շախտիոր Տոնեցք – Նորտժայելընտ 21:45
Զ. ԽՄԲԱԿ
Պայէրն Միւնիխ – Վալենիսա 21:45
Լիլ – ՊԱԹԷ Պորիսով 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Պարսելոնա – Սպարտակ Մոսկուա 21:45
Սելթիք – Պենֆիքա 21:45
Ը. ԽՄԲԱԿ
Պրակա – Քլիւժ 21:45
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Կալաթասարայ 21:45