Հաշեմ Հայտար Բացումը Կատարեց Սուրի Քաղաքապետարանի Վերանորոգուած Դաշտին
Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար բացումը կատարեց Սուրի քաղաքապետարանի վերանորոգուած դաշտին, որ օժտուեցաւ արուեստական խոտով:
Նշենք, որ հարաւային Լիբանանի Քֆարժոզ Նապաթիէի քաղաքապետարանի դաշտը հանդիսացած էր առաջին վերանորոգուած դաշտը, որ օժտուած էր արուեստական խոտով:
Իր խօսքին մէջ Հայտար ըսաւ, որ այժմ ՖԻՖԱ-ի ճշդած բոլոր չափանիշներով օժտուած այս դաշտը ի վիճակի է միջազգային որեւէ մրցում հիւրընկալելու:
Ան այս առիթով Սուրի քաղաքապետութեան պարտականութիւն յանձնեց առաւելագոյն չափով հոգ տանելու դաշտին, որպէսզի անիկա մնայ այնպէս, ինչպէս որ է ներկայիս:
CATEGORIES Մարզական


