ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐՈՆՈՒՀԻ ՔՈՔՍԸ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու եւ Համայնքներու տուներու խումբ մը անդամներ` պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Արցախի ներքին կեանքին եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց հիւրերուն Մեծն Բրիտանիոյ եւ Եւրոպայի մէջ Արցախի դիրքորոշման ճշմարտացի ներկայացման, Հայաստանը ճանաչելի դարձնելու, Մեծ եղեռնի ճանաչման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն համար:

Երկու կողմերը ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը` զայն նկատելով բոլոր տեսանկիւններէն կարեւոր ու պահանջուած:

Հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Share this Article
CATEGORIES