ՖՐԵՆԺԻԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՄԻ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած մարոնի ղեկավարներու հանդիպումին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Ֆրենժիէին այցելելով իրենք կը զօրակցին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ երկրին մէջ միջքրիստոնէական դրական մթնոլորտ մը ստեղծելու ջանքերուն:

Ժեմայէլ մաղթեց, որ լիբանանցիներուն միջեւ հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները շարունակուին:

Share this Article
CATEGORIES