7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼՈՒ ԶԻՐԵՆՔ ԱՌԵՒԱՆԳՈՂՆԵՐՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ
Պեքաայի մէջ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներու առեւանգումի հարցին ծիրին մէջ, «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջը երէկ ստացաւ 1 վայրկեան 47 երկվայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթ մը, որուն մէջ յայտնուեցան առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները, որոնցմէ մէկը արտասանեց գրուած խօսք մը:
Առեւանգուած էսթոնիացի զբօսաշրջիկը կոչ ուղղեց ընդառաջելու առեւանգողներուն պահանջներուն, որպէսզի անոնք ազատ արձակեն զիրենք:
Էսթոնիացի զբօսաշրջիկը կոչ ուղղեց գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, որ քայլ մը առնեն եւ օժանդակեն անոնց ազատ արձակումին եւ իրենց ընտանիքներուն մօտ վերադարձին առումով:
Աւելի ուշ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ տեսանիւթին մէջ երեւցող եօթը անձերը առեւանգուած էսթոնիացի զբօսաշրջիկներն են: