Ամերիկեան Դեսպանատունը Սկսած Է Փճացնել Գաղտնի Փաստաթուղթեր

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրէ մը, որ մերժեց իր անունը բացայայտել, հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը սկսած է փճացնել իր գաղտնի փաստաթուղթերը, որոնք ներառուած կը նկատուին ապահովական շարք մը միջոցառումներու շրջագիծին մէջ:

Ապահովական այդ միջոցառումները որդեգրուած են զանազան երկիրներու մէջ ամերիկեան դեսպանատուներուն դէմ գործուող յարձակումներուն ծիրին մէջ:

Նոյն աղբիւրը նշեց, որ այդ միջոցառումը կը նկատուի սովորական քայլ մը, որ դեսպանատան անձնակազմին կողմէ կ՛որդեգրուի շտապ պարագաներուն ընթացքին:

«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի համաձայն, դեսպանատունը նուազեցուցած է իր պաշտօնեաներուն աշխատանքային ժամերը, հակառակ անոր որ դեսպանատան դէմ սպառնալիքներ չեն արձանագրուած:

 

Share this Article
CATEGORIES