Շարպել Ընդունեց Անժելինա Էխհորեսթը
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի հետ, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր:
Էխհորեսթ ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին այցելութեան առիթով կազմակերպուած ապահովական միջոցառումները` հաստատելով, որ ապահովական կայունութիւնը ամէն մակարդակի վրայ հանգստութիւն առթած է:
Հանդիպումը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին եւ լիբանանեան ու թրքական պետութիւններուն միջեւ երկկողմանի խորհրդակցութիւններուն:
Էխհորեսթ դրուատեց նաեւ կառավարութեան կողմէ ընտրական օրէնքի վաւերացումն ու զայն խորհրդարան փոխանցելու քայլը` ընդգծելով Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` այդ մարզին մէջ օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն ներկայացնելու:
ՆՇԵՆՔ, որ անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարով զբաղող միջնորդ մը յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց բանակցութիւնները լիբանանցի առեւանգեալները ազատ արձակելու առումով:
ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԷ, առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարի հետապնդման յատուկ կառավարական յանձնախումբը գումարեց նիստ մը, որմէ ետք աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւն մը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Թուրքիա` շարունակելու համար բանակցութիւնները: Ան հաստատեց, որ լիբանանցի առեւանգեալները ազատ արձակելու իմաստով դրական նշոյլներ կան:


