Ապու Ղայտա Հարցաքննեց Զօր. Սէյիտը

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա երէկ նախկին նախարար Միշել Սըմահայի հարցով իբրեւ վկայ հարցաքննեց Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտը:

Մէկուկէս ժամ տեւած հարցաքննութենէն ետք զօր. Սէյիտ Զինուորական ատեանէն մեկնեցաւ իր բնակարանը:

Հարցաքննութենէն ետք զօր. Ժամիլ Սէյիտի պաշտպան փաստաբան Սախըր Հաշեմ շեշտեց, որ զօր. Սէյիտ աւարտած է իր հարցաքննութիւնը եւ հանգիստ կերպով ուղղուած է իր բնակարանը, ուր կրնան ուղղուիլ լրագրողները` լուսաբանական յաւելեալ հարցումներու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES