Արզումանեան` Գանձասարի Գլխաւոր Մարզիչ

Սեւատա Արզումանեան

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Սեւատա Արզումանեան պաշտօնապէս նշանակուեցաւ Գանձասար Կապանի գլխաւոր մարզիչ:

Ակումբին գործադիր տնօրէնը` Վլատիկ Առաքելեան յայտնեց, որ նախկին գլխաւոր մարզիչ Սամուէլ Սարգսեան պիտի մնայ կազմին մէջ` ստանձնելով աւագ մարզիչի պարտականութիւնները:

Աւագ մարզիչ ըլլալէն բացի, Սարգսեան պիտի համակարգէ նաեւ Գանձասարի մանկապատանեկան դպրոցի աշխատանքները:

Նշենք, որ Արզումանեան նախորդ օգոստոսին իր հրաժարականը տուաւ Ուլիսի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն:

Share this Article
CATEGORIES