Կռփամարտ. Արտեոմ Յովհաննիսեանի 18-րդ Մենամարտը
Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ, թեթեւ կարգի մրցումներու մասնակցող Արտեոմ Յովհաննիսեան յառաջիկայ 27 հոկտեմբերին պիտի մրցի ամերիկացի Անճենիս Մենտեսի դէմ:
A1plus.am լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ այս մրցամարտը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորք նահանգին մէջ գտնուող Վերոնա քաղաքին մէջ:
30 տարեկան հայազգի կռփամարտիկը նախապէս իր կատարած 17 մրցումներուն 15-ին յաղթանակ արձանագրած է: Այդ յաղթանակներէն 8-ն արձանագրուած են նաք-աութ-ով: Ան կրած է երկու պարտութիւն:
Մենտես, որ հինգ մրցում աւելի կատարած է, իր կարգին կրած է երկու պարտութիւն:
Այս մրցամարտին յաղթանակը WBO-ի վարկածի աշխարհի ախոյեանի կոչումին համար պայքարելու իրաւունք պիտի ստանայ, կ՛եզրափակէ հայկական աղբիւրը:
CATEGORIES Մարզական

