«Եունիըն Պոքսինկ Մենըճմընթ» Պայմանագիր Կնքեց Կռփամարտիկ Վահէ Սարուխանեանի Հետ
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լոս Անճելըսի մէջ «Եունիըն Պոքսինկ Մենըճմընթ» պայմանագիր մը կնքեց ռուսահայ կռփամարտիկ Վահէ Սարուխանեանի հետ (երկրորդ կիսաթեթեւ կշիռքի դասակարգի մրցումներուն մասնակցող): Անիկա պայմանագիր կնքեց նաեւ ռուսի մը` Վլատիմիր Կաւրիլովի հետ (նոյն դասակարգին մէջ):
Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ այս մարզաձեւին մէջ ոչ արհեստավարժ են:
Հակառակ ատոր սակայն, Սարուխանեան յաղթած է աւելի քան 200 ճակատումներու ընթացքին եւ տիրացած պրոնզէ մետալի` 2007-ին տեղի ունեցած կռփամարտի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
CATEGORIES Մարզական


