Ճատրակ. Ռուսահայ Կարինէ Համբարձումովա` Մոսկուայի Ախոյեան
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը տեղեկացնէ, որ ռուսահայ Կարինէ Համբարձումովա, որ ճատրակի միջազգային վարպետի կոչում ունի, կայծակնային` Պլից ճատրակի Մոսկուայի ախոյեան հանդիսացած է` առաւելագոյն 19 կէտէն 14 կէտ ապահովելով:
Նախապէս ան բազմաթիւ այլ առիթներով միջազգային տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին արձանագրած է սքանչելի արդիւնքներ:
Պիելոռուսիան ներկայացնող հայագզի միջազգային վարպետ Սերկէյ Գասպարով, առաւելագոյն 6 կէտէն 4,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 3-10-րդ դիրքը` Ռուզենտաալի մէջ (Հոլանտա) աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին: Ան միայն կէս կէտով ետ մնաց տիտղոսին տիրացած Սերկէյ Թիվիաքովէն (Հոլանտա):
CATEGORIES Մարզական