Նոր Տիգրան Պետրոսեան` Հայկական Ճատրակի Աշխարհին Մէջ

Հայաստանի ճատրակի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզադպրոցի սան, Հայաստանի 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան Տիգրան Ս. Պետրոսեան 29 օգոստոսէն 10 սեպտեմբեր իր մասնակցութիւնը բերելով Անապայի միջազգային բաց մրցաշարքին եւ գրաւելով առաջին դիրքը, ամբողջացուց միջազգային վարպետ ըլլալու չափանիշը:

«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը, որ կը փոխանցէ այս լուրը, կ՛աւելցնէ, որ Պետրոսեան մրցաշարքին մասնակցած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին աջակցութեամբ, մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են չորս երկիրներու 14 ճատրակ խաղացողներ:

Պետրոսեան իր խօսքին մէջ ըսած է. «Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմելը շատ մեծ պատիւ է, եւ բոլոր ճատրակ խաղացողներն ալ այդ մէկը կը փափաքին: Այսօր ամբողջ աշխարհը կը յարգէ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը եւ շատ յաճախ ալ կը վախնայ անկէ: Յոյս ունիմ, որ օր մըն ալ մեծերու ազգային հաւաքականին հետ յաղթանակներ կ՛ապահովեմ Հայաստանի համար»:

Նշենք, որ Տիգրան Ս. Պետրոսեան 2009-ին ճանչցուած է պատանիներու միջազգային ողիմպիական խաղերու 3-րդ մրցանակակիր, 2010-ին Հայաստանի ճատրակի 16 տարեկանէն վար դասակարգի հաւաքականին հետ դարձած է ճատրակի միջազգային ողիմպիականի ախոյեան, իսկ այս տարի ան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի 18 տարեկանէն վար դասակարգի աշխարհի ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )