«Չեմփիընզ Լիկ». Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Կերտեց Ռէալ Մատրիտի Կարեւոր Յաղթանակը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, որ երէկ սկսաւ խմբակներու դրութեամբ, եղաւ բաւական կոլերով հարուստ` նկատի ունենալով, որ ութ մրցումի ընթացքին նշանակուեցաւ 22 կոլ:

Բոլոր մրցումներուն ալ կոլ նշանակուեցաւ, բացի Ա. Սէ. Միլան – Անտըրլեխթ ճակատումէն, որ աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով:

Բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, աւարտեցաւ Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի ճակատումը, ի նպաստ դաշտին տիրոջ` Ռէալի, 3-2 արդիւնքով:

Մինչեւ 85-րդ վայրկեանը 2-1 արդիւնքով յառաջացող Սիթի, զարմանալիօրէն երկու կոլ ստանալով իր բերդին մէջ, պարտուած հեռացաւ Սպանիայէն:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (ձախին)` իր նշանակած կոլէն ետք

Ռէալի այս կարեւոր յաղթանակը կերտեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` մրցումին վերջին վայրկեանին իր նշանակած կոլին շնորհիւ: Անոր խմբակիցներ Մարսելօ (76-րդ) եւ Քարիմ Պենզեմա (87-րդ) նշանակեցին առաջին երկու կոլերը: Սիթիի կոլերը նշանակեցին Ծեքօ (69-րդ) եւ Քոլարով (85-րդ):

Իրենց դաշտերէն դուրս կարեւոր յաղթանակներ արձանագրեցին Փորթօ, Արսենալ եւ Շալքէ:

Փարիզ Սեն Ժերմեն եղաւ մեծագոյն յաղթականը` նկատի ունենալով, որ անիկա 4-1 արդիւնքով յաղթեց Տինամօ Քիեւի:

Պորուսիա Տորթմունտ քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ Լեւանտովսքիի նշանակած կոլին շնորհիւ (87-րդ) պարտութեան մատնեց Այաքս Ամսթերտամը:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

 

Ա. ԽՄԲԱԿ
Տինամօ Զաղրեպ – Փորթօ 0-2
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Տինամօ Քիեւ 4-1
 

Բ. ԽՄԲԱԿ

Մոնփելիէ – Արսենալ 1-2
Օլիմփիաքոս – Շալքէ 1-2
 

Գ. ԽՄԲԱԿ

Ա. Սէ. Միլան – Անտըրլեխթ 0-0
Մալակա – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 3-0
 

Դ. ԽՄԲԱԿ

Պորուսիա Տորթմունտ – Այաքս Ամսթերտամ 1-0
Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի 3-2

 

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

 

Ե. ԽՄԲԱԿ   ժԱՄ
Չելսի – Եուվենթուս 21:45
Շախտիոր Տոնեցք – Նորտժայելընտ 21:45
 

Զ. ԽՄԲԱԿ

Պայէրն Միւնիխ – Վալենիսա 21:45
Լիլ – ՊԱԹԷ Պորիսով 21:45
 

Է. ԽՄԲԱԿ

Պարսելոնա – Սպարտակ Մոսկուա 21:45
Սելթիք – Պենֆիքա 21:45
 

Ը. ԽՄԲԱԿ

Պրակա – Քլիւժ 21:45
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Կալաթասարայ 21:45

 

Share this Article
CATEGORIES