Հոգեբանական Փորձ. Ինչպիսի՞ Հետաքրքիր Անձ Էք

Հետաքրքրութիւնը կրնայ դրական ըլլալ, երբ անոր մէջ միտում կայ իրականութիւնները յայտնաբերելու, քննելու եւ ճշմարտութեան մը յանգելու:

Թերեւս կարգ մը պարագաներու սխալ չէ, եթէ հետաքրքրուինք բարեկամուհիի մը կամ պաշտօնակիցի մը հարցերով` անոր մէկ դժուարութիւնը հարթելու եւ օգտակար դառնալու համար:

Սակայն շատ կարեւոր է, որ որոշ հեռաւորութիւն պահենք մեր շրջապատէն, յարգենք ուրիշներուն ազատութիւնը, անձնական գաղտնիքներ ունենալու անոնց իրաւունքը եւ միջամուխ չըլլանք անոնց հարցերուն, երբ մեզի դիմուած չէ:

Իմանալու համար, թէ ինչպիսի՞ հետաքրքիր անձ մըն էք, պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 10 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Բարեկամուհիի մը տունը սուրճ կը խմէք, անոր խոհանոց գտնուած պահուն բջիջայինը կը հնչէ:

ա.- Կը մօտենաք բջիջայինին` կարդալու համար թիւը եւ իմանալու հեռաձայնող անձին ինքնութիւնը:
բ.- Աչք մը կը նետէք, բայց բան չէք տեսներ:
գ.- Չէք հետաքրքրուիր:

2

Ձեր շէնքին մէջ նոր դրացիներ կը ժամանեն:

ա.- Նոյն օրն իսկ կ՛այցելէք իմանալու համար, թէ ովքեր են:
բ.- Երկրորդ օրուան կը սպասէք ծանօթանալու համար:
գ.- Յարմար առիթի մը կը սպասէք ծանօթանալու համար:

3

Եթէ պատահի, որ ձեր ամուսինին բացակայութեան իր անունով, իրեն ուղղուած պահարան մը հասնի:

ա.- Վարպետութեամբ կը բանաք պահարանը եւ կը կարդաք բովանդակութիւնը:
բ.- Առանց զայն բանալու, լոյսին տակ բռնելով` կը փորձէք իմանալ բովանդակութիւնը:
գ.- Պահարանը մէկ կողմ կը դնէք իրեն յանձնելու համար:

4

Ձեր բարեկամուհին կապերը խզած է նշանածին հետ:

ա.- Կը պահանջէք, որ մանրամասն պատմէ եղելութիւնը:
բ.- Մխիթարական խօսքերով կը փորձէք իմանալ պատճառը:
գ.- Կը փորձէք մեղմել անոր վիշտը:

5

Չէք ախորժիր:

ա.- Ստախօս անձերէն:
բ.- Երկերեսանի անձերէն:
գ.- Հետաքրքիր անձերէն:

6

Նոր պաշտօնակից մը կը ժամանէ ձեր աշխատանքի վայրը, օրուան աւարտին`

ա.- Արդէն իսկ ծանօթ էք անոր կենսագրութեան:
բ.- Տեղեակ էք, թէ ի՛նչ ուսանած է եւ նախապէս ո՛ւր կ՛աշխատէիք:
գ.- Միայն անունը գիտէք:

7

Ձեր զաւկին բջիջայինը կը հնչէ:

ա.- Կը փորձէք հետեւիլ խօսակցութեան եւ իմանալ, թէ ո՛վ է եւ ի՛նչ կ՛ըսէ:
բ.- Օրաթերթին աչք մը կը նետէք:
գ.- Պատշգամ կ՛ելլէք եւ զինք առանձին կը ձգէք:

8

Ձեր ձեռքը հեռադիտակ մը ունիք:

ա.- Կը դիտէք դիմացի շէնքի դրացիին տունը` յետին մանրամասնութիւններով:
բ.- Կը դիտէք դիմացի շէնքի դրացիին պատշգամի բոյսերը:
գ.- Կը դիտէք ծովն ու հորիզոնը:

9

Ձեռք կը ձգէք ձեր աղջնակին օրագիրը, զոր պահած էր բարձին տակ:

ա.- Կը սպասէք, որ բոլորը տունէն մեկնին եւ կարդաք զայն:
բ.- Կը կարդաք առաջին էջը, բայց անմիջապէս կը գոցէք եւ տեղը կը դնէք:
գ.- Օրագիրը տեղը կը ձգէք` յարգելով ձեր զաւկին գաղտնիքներ ունենալու իրաւունքը:

10

Եթէ ճամբան ձեր ամուսինը անծանօթի մը ժպտի եւ բարեւէ:

ա.- Անմիջապէս կը հարցնէք, թէ ո՛վ է ան:
բ.- Կը պահանջէք, որ ան բացատրութիւն մը տայ:
գ.- Ոչ մէկ հարցում կ՛ուղղէք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ծայրայեղ հետաքրքիր անձ մըն էք, ձեր անձնական կեանքն ու հոգերը մէկ կողմ ձգած` առիթ չէք փախցներ ձեր շրջապատին անձնական հարցերով զբաղելու` պարզապէս ձեր հետաքրքրութիւնը բաւարարելու համար:

Շատեր հեռու կը մնան ձեզմէ, կը խուսափին ձեր մտերմութենէն, ժամանակն է, որ փոխէք ձեր ընթացքը:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, հետաքրքիր անձ մըն էք` առանց սակայն ուրիշներու անձնական կեանքին միջամուխ ըլլալու: Գիտէք զանազանել կարեւորը երկրորդականէն, յարգել ուրիշներուն ազատութիւնը եւ ձեզմէ պահանջուելու պարագային միայն կը մտնէք ուրիշներու հարցերուն մէջ` տարակարծութիւնները հարթելու եւ օգտակար ըլլալու համար: Շատեր կը փնտռեն ձեր բարեկամութիւնը եւ կը դիմեն ձեր օգնութեան:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, շատ յստակ է, որ հետաքրքիր անձ մը չէք, երբեք հետաքրքրուած չէք ուրիշներուն հարցերով կամ անձնական կեանքով: Ձեր ընտանիքը, ձեր գործը լեցուցած են ձեր կեանքը, սակայն կ՛արժէ ձեր ուշադրութեան յանձնել, որ կ՛ապրիք քիչ մը շատ ինքնամփոփ եւ մեկուսացած կեանք մը:

 

Տան Յարդարանք

Գեղեցիկ Պատեր

Ոմանք հնաոճ զարդեղէններու, ոմանք փոքրիկ գեղօրներու, ուրիշներ ալ ժամացոյցի, լուցկիի տուփերու, գրիչներու, մակ գաւաթներու հաւաքածոյ պահելու նախասիրութիւն ունին:

Եթէ դուք ալ ձեր կարգին նման հաւաքածոյ մը ունիք ձեր տան մէջ, մի՛ ձգէք, որ անիկա մոռացութեան մատնուի կամ փոշոտի պահարանի մը կամ գզրոցի մը մէկ անկիւնը: Մտածեցէք զայն ցուցադրել ձեր տան պատերէն մէկուն վրայ` շրջանակի մը մէջ, փոքրիկ դարաններու վրայ կամ` պարզապէս պատին վրայ հաստատուած: Իսկ որքա՛ն գեղեցիկ կ՛ըլլայ եթէ այդ հաւաքածոն ցուցադրուի հիւրասենեակի, ննջասենեակի կամ միջանցքի պատին վրայ եւ բոլո՛րը վայելեն անոր ճոխութիւնն ու գեղեցկութիւնը:

Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական գաղափար…

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Եղանակի Բանջարեղէններ

Լոլիկը

Տարուան բոլոր եղանակներուն մեր սեղաններէն անպակաս է լոլիկը հում` սենտուիչներու եւ աղցաններու մէջ, կամ եփած կերակուրներու մէջ, մանրուած կամ խիւսի վերածուած:

Լոլիկը յանձնարարելի է, որովհետեւ կը պարունակէ նիւթեր, որոնք կը պայքարին զանազան հիւանդութիւններու, դէմ եւ կամ կը կանխարգիլեն զանոնք:

Լոլիկը այնպիսի բանջարեղէն մըն է, որուն համը կը յարմարի թէ՛ արեւելեան եւ թէ՛ եւրոպական կերակուրներուն. այլ խօսքով, անիկա ներկայ է բոլոր ժողովուրդներուն սեղաններուն վրայ:

Լոլիկը հիմնականօրէն հարուստ է Սէ. եւ Ի. կենսանիւթերով եւ պեթաքարոթենով: Ան նաեւ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ փոթասիոմ եւ երկաթ, որոնք կ՛օգնեն արեան գերճնշում պատճառող իւղերու նուազեցման:

Այս օգտակարութիւններուն կողքին, սննդագէտները շեշտը կը դնեն լոլիկին պարունակած լիքոփեն նիւթին վրայ, որ լոլիկին կու տայ բնական կարմիր գոյնը: Այդ նիւթը կը հաւասարակշռէ մարմնին մէջ գտնուող թթուները եւ կը պայքարի ֆրի ռետիքըլզներուն դէմ, որոնք մասնաւորաբար սրտանօթային հիւանդութիւններ, քաղցկեղ եւ կանխահաս ծերութիւն կը պատճառեն:

Լոլիկին օգտակարութիւնները հոս չեն վերջանար. մեծ քանակութեամբ լոլիկ սպառողներուն մօտ կը նուազի ստինքի քաղցկեղի հաւանականութիւնը: Լոլիկին պարունակած ֆիթոէն եւ ֆիթոֆլու նիւթերը ուղղակի ազդեցութիւն ունին ստինքի քաղցկեղ պատճառող ազդակներուն վրայ: Այս նիւթերը կը կազմուին բանջարեղէնին եւ լոյսի ճառագայթներուն միջեւ կատարուած շփման ընթացքին:

Լոլիկով հարուստ սննդականոնը կ՛օգնէ, որ խնդրոյ առարկայ անձին ոսկորները չփճանան: Ըստ քանատացի մասնագէտներուն, լոլիկը կ՛օգնէ ոսկորներու աճին եւ խտութեան:

Սննդագէտներուն համաձայն, օրական շուրջ 250 միլլիլիթր լոլիկի հիւթ կամ 150 միլլիլիթր լոլիկի թացան սպառելը բաւարար է, որպէսզի լոքոփեն նիւթը ստանայ անհատը:

Սննդագէտները խորհուրդ կու տան, որ հումին կողքին եփած լոլիկ սպառենք, որովհետեւ անիկա աւելի դիւրին կը թափանցէ արեան մէջ եւ զայն կը մատակարարէ անհրաժեշտ ու հարուստ նիւթերով: Ասիկա կը նշանակէ, որ թացանները եւս մեծապէս օգտակար են: Բժիշկները նաեւ կը յանձնարարեն, որ լոլիկը սառնարանէն դուրս պահուի, որովհետեւ պաղը անոր համն ու թարմութիւնը կը նուազեցնէ եւ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ զայն երկար չպահել եւ սպառել գնելէն քանի մը օր ետք:

Ձեր զաւակներուն սենտուիչներէն անպակաս ըրէք այս հրաշագործ բանջարեղէնը եւ մանկութենէն վարժեցուցէք լոլիկ ուտել զանազան կերակուրներու եւ աղցաններու ճամբով:

 

Խոհագիր

Ծաղկակաղամբով Թապուլէ

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 1 միջակ ծաղկակաղամբ
– 2 լոլիկ
– Թարմ անանուխ (2-3 ցօղուն)
– Ազատքեղ (2-3 ցօղուն)
– Գինձ (մէկ կապոց)
– 1 կիտրոնի հիւթ
– 1 սոխ
– 1 սուրճի գաւաթ մանր, առանց կուտի չամիչ
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 ապուրի գաւաթ սնոպար
– Աղ

Պատրաստութիւն

Ծաղկակաղամբը լուալ, ցամքեցնել եւ ապա քերոցէ անցընել: Նոյնպէս` լուալ եւ ցամքեցնել անանուխը, ազատքեղն ու գինձը եւ շատ մանր մանրել:

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել քերոցէ անցած ծաղկակաղամբը, մանրուած կանաչեղէններն ու մանրուած լոլիկները, աւելցնել մանրուած սոխը, կիտրոնի հիւթը, ձէթը, աղն ու չամիչը: Բոլորը միատեղ խառնել, ապա ամանին բերանը ծածկել եւ քանի մը ժամ սառնարանը կամ դուրսը` զով տեղ մը պահել:

Ուտելու ատեն անգամ մը եւս խառնել ու լեցնել ներկայանալի բաժակներու մէջ եւ երեսը զարդարել սնոպարով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Հայաստան

Իմ քաղցրանո՜ւն,
Իմ բարձրանո՜ւն,
Իմ տառապա՛ծ,
Իմ փառապա՛նծ:
Հների մէջ` դու ալեհեր,
Նորերի մէջ` նոր ու ջահել.
Դու` խաղողի խչմարուած վազ,
Վշտերդ` ջուր, ինքդ աւազ.
Դու   բարդենի սաղարթաշատ,
Առուն ի վար փռուած փշատ.
Դու` կիսաւեր ամրոց ու բերդ,
Մագաղաթեայ մատեանի թերթ.
Դու` Զուարթնոց-աւեր տաճար,
Կոմիտասեան ծիրանի ծառ.
Դու` ջրաղաց խորունկ ձորում,
Դու` հորովել անուշ ծորուն,
Փայլ գութանի արծաթ խոփի.
Դու` նե՛տ, նիզա՛կ, մկո՛ւնդ կոպիտ,
Դու` հայրենի ծխանի ծուխ,
Դու` անգի՛ր վէպ, դու Սասնայ ծո՜ւռ…

Իմ փառապա՛նծ,
Իմ տառապա՛ծ,
Իմ բարձրանո՜ւն,
Իմ քաղցրանո՜ւն:
Դու մրգերի շտեմարան,
Ոսկեւազեան գինու մառան.
Դու` թաւշէ դեղձ, դու` փրփուր հաց,
Արտաշատեան խաղող սեւաչ.
Դու Սեւանի վառուող կոհակ.
Երեւանի սիւն ու խոյակ.
Դու` հանգրուան, կանչող փարոս,
Դու հայկական գերբ ու դրօշ.
Խօսուն վկայ կոտորածի
Ու վճիտ աչք ցամքած լացի.
Արդարութեան ահեղ ատեան,
Սրի պատեան,
Սիրոյ մատեան –
Միշտ հի՛ն ու նո՛ր իմ Հայաստան:

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )