Օրը Օրին. Ոչ Միայն Վերնագիրներ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայկական լրատուական միջոցներու տեսականին կը համապատասխանէ միջազգայինին: Թերթ, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ, համացանց (կայքէջերով, անհատական առանձին էջերով (blog), twitter, facebook, youtube եւ այլն), բոլորը տրամադրելի են հայ մարդուն:

Նոյն միջոցներէն, անշուշտ, կարելի է օգտուիլ` վերլուծական, մասնագիտական եւ ուսումնասիրական յօդուածներ փնտռելու եւ կարդալու  համար:

Բոլոր այս միջոցներէն, հաւանաբար, այսօր ամէնէն շատ կը խօսուի թերթին, տպագիր մամուլին նահանջին մասին: Դաժան մրցակցութեան մէջ թերթերը կը նկատուին ամէնէն նուազ մրցունակը, դիմանալու ու կենսունակ մնալու ամէնէն աղքատ զինանոցը ունեցողները:

Այս գաղափարը կիսողները ընդհանրապէս թերթերը գնահատելու կամ արժեւորելու յատուկ տրամաբանութիւն մը կ՛օգտագործեն: Այսինքն թերթ մը կը փորձեն դատել` իր պատկերով, նկարներու հարստութեամբ, ամփոփ լուրերով, կարճ վերլուծութիւններով, զորս կարդալու համբերութիւն, ըստ իրենց, հազիւ կարելի է ակնկալել այսօրուան ընթերցողներէն: Երկար յօդուածներ, պատմական ակնարկներ, խորքային վերլուծումներ կը ծանրացնեն թերթը եւ զայն կը դարձնեն անհրապոյր:

Այս դատողութիւնները կրնան ճիշդ ըլլալ որոշ մարդոց համար, կրնան նոյնիսկ ճիշդ ըլլալ մեծ թիւով մարդոց համար, որոնք ո՛չ ժամանակը ունին, ո՛չ ալ հետաքրքրութիւնը` աւելի խորանալու հարցերու ուսումնասիրութեանց մէջ, առաւել լաւատեղեակ ըլլալու խնդիրներու մասին: Մենք ալ կրնանք համաձայնիլ, որ թերթը այս մարդոց համար չէ: Անշուշտ մեր բաժանորդներուն մէջ ալ կան այդ մօտեցումը որդեգրողներ, որոնք թերթ կ՛առնեն` ազգային պարտականութիւն որպէս:

Այսուհանդերձ, թերթը այսօր իր գոյութիւնը կրնայ արդարացնել ոչ միայն վերնագիրներ ու նկարներ հրամցնելով իր ընթերցողներուն, այլեւ` միտք, ոգի, գաղափար: Այլապէս, մենք ալ համաձայն կ՛ըլլայինք տպագիր մամուլի ժամանակավրէպ ըլլալուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES