Սաատիյաթի Մէջ Բանակը Հակակշիռի Տակ Կ՛առնէ Բախում Մը

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ Սաատիյաթի մէջ կուսակցական ենթահողի վրայ բախումներ արձանագրուեցան տարբեր անհատներու միջեւ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բախումները վերածուեցան կրակոցներու, եւ իսկոյն շրջան հասաւ բանակի մէկ զօրամասն ու հակակշիռի տակ առաւ բախումները եւ ցրուեց փողոց իջած երիտասարդներու բազմութիւնները:

Ըստ հաղորդագրութեան, բանակը տակաւին կը հետապնդէ յանցագործները եւ լարուածութիւն հրահրող կողմերը, որպէսզի զանոնք յանձնէ դատական իշխանութեանց համապատասխան ատեանին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )