Անգարայի Մէջ Էրտողան Ընդունեց Սինիորան
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Նշենք, որ Սինիորա այս հանդիպումը կատարեց Արաբական եւ միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի պատուիրակութեան մաս կազմելու շրջագիծին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

