Զօր. Սերրա Հաստատեց Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Համար Յաւելեալ Ճիգեր Ի Գործ Դնելու Անհրաժեշտութիւնը

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ այցելած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որոնց հետ քննարկած է հարաւային Լիբանանի իրավիճակը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ու լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան աշխուժացման կարեւորութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան եւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ու բանակին գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ զօր. Սերրա իշխանութեան երեք պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ՖԻՆԻՒԼ-ին ու բանակին միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ գործակցութիւնը բարելաւել` պահպանելու համար կայունութիւնը:

Զօր. Սերրա ողջունեց եւ բարձր գնահատեց լիբանանեան զինեալ ուժերուն կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի հետ համագործակցելու ոգին եւ յանձնառութիւնը:

ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանութեան պետերուն` միջազգային խաղաղապահ ուժերուն նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )