Սուրի Մէջ Բազմահազար Քաղաքացիներ Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին Իսլամական Կրօնը Եւ Մոհամետ Մարգարէն Անարգող Ժապաւէնին Դէմ

Բազմամարդ ցոյցէն տեսարան մը

Ընդառաջելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչին` Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի բազմահազար հետեւորդներ երէկ կէսօրէ ետք Սուրի մէջ կազմակերպեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք բողոքեցին իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամութեան անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ:

Ցոյց-քայլարշաւին ընթացքին բարձրացան ժապաւէնը դատապարտող կարգախօսներ եւ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումի դրօշներ:

Քայլարշաւը առաջնորդեցին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ, Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք, ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ եւ տասնեակ հազարաւորներու հոծ բազմութիւն մը:

Քայլարշաւին աւարտէն ետք խօսք առաւ շէյխ Քաուք, որ յայտնեց, թէ իրենք երբեք թոյլ վարուելակերպ պիտի չցուցաբերեն Մոհամետ մարգարէին դէմ առնուած այս քայլերուն գծով:

Ան ամերիկացիներուն սպառնալով ըսաւ. «Ո՛վ ամերիկացիներ, դուք մեծ յիմարութիւն գործած էք եւ մէկ միլիառ հինգ հարիւր միլիոն ոճիր գործած էք իսլամական աշխարհին մէջ: Մենք կը զգուշացնենք ձեզ Դիմադրութեան հրապարակներէն, ուրկէ պէտք է հեռանաք եւ երբեք դաւադրութիւն չսարքէք»:

Իր կարգին, Ամալ շարժումին կողմէ խօսք արտասանեց Մոհամետ Ղազալ, որ կոչ ուղղեց իսլամական-քրիստոնէական յստակ եւ խիստ կեցուածքի մը որդեգրման` արգիլելու համար կրօններուն դէմ գործուած այս արարքները:

 

Share this Article
CATEGORIES