Խորհրդարանի Նախագահը Զօր. Սերրայի Հետ Քննարկեց Հարաւի Կացութիւնը

Էնտըրսըն եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի փոխնախագահ Էնկըր Էնտըրսընը եւ այլ պատասխանատուներ:

Խորհրդարանի նախագահին այցելուներէն եղաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա, որ Պըրրիի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վերաբերող հարցեր:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Նաուաֆ Մուսաուի, Մարուան Ֆարես, Ապտել Մեժիտ Սալեհ, Ղազի Զաայթեր եւ Ալի Պեզզի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES