Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիւքովը, որ Հայաստանի նախագահին հետ երէկ ներկայ գտնուեցաւ «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ ռազմափորձերուն:

Հայաստանի նախագահը եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմական եւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան, շրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, միջազգային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցած միացեալ ռազմափորձերուն վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական եւ ռազմական-արհեստագիտական մարզին մէջ համագործակցութեան մակարդակէն: Ըստ նախագահին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը յատկապէս Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակի եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին համաձայնագիրի 15-ամեակի այս տարուան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետեւողական ամրապնդման եւս մէկ հաստատումն է:

Նախարար Անաթոլի Սերտիւքով, օգտուելով հանդիպման պատեհ առիթէն, Հայաստանի անկախութեան 21-րդ տարեդարձի նախօրեակին տօնին առիթով շնորհաւորեց Հայաստանի նախագահը եւ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները` մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն:

Նախարարը գոհունակութեամբ խօսեցաւ երէկ տեղի ունեցած միացեալ զօրավարժութիւններուն մասին, որոնք զինուորական մարզին մէջ սերտ փոխադարձ գործակցութեան վկայութիւնն են:

Միացեալ Ռազմափորձերը

Նախագահ Սարգսեան կը դիտէ ռազմափորձերը

Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի զինեալ ուժերու գերագոյն ընդհանուր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ Հայաստանի բանակի «Մարշալ Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ դիտեց «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ ռազմափորձերը:

Ռազմափորձերու սկիզբէն առաջ նախագահին ներկայացուցին ցուցադրուած ռազմական արհեստագիտութիւնը, ռազմափորձի մասնակիցներու առջեւ դրուած խնդիրները եւ ռազմափորձի դաշտին մանրակերտը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ռազմափորձերու աւարտին Հայաստանի տարածքին մէջ «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» միացեալ ռազմափորձերու նախապատրաստման եւ պատշաճ կայացման համար` Հայաստանի նախագահի շնորհակալագիրով պարգեւատրեց շարք մը բարձրաստիճան զինուորականներ:

 

Share this Article
CATEGORIES