Հունգարիոյ Հայերը Կառավարութեան Դէմ Սաֆարովի Գործով Դատական Հայց Պիտի Ներկայացնեն
«Ասպարէզ»` յղում կատարելով հունգարական «Պլիքք» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ Հայ ազգային խորհուրդը մտադիր է ազրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու վիճայարոյց որոշումին համար Հունգարիոյ կառավարութեան դէմ դատ բանալ:
Հունգարական օրաթերթը կը վկայակոչէ խորհուրդի ղեկավար Ժեւան Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, թէ կառավարութեան դէմ մեղադրանքները կը ներառեն նաեւ կաշառակերութեան եւ դիրքի չարաշահման կէտեր: Նախապէս հունգարական ընդդիմութիւնը` ի դէմս ընկերվարականներուն, երկրին վարչապետը «բարոյապէս փտած» անուանած էր:
Հունգարիոյ մէջ շուրջ երեսուն հազար հայ կայ, որոնց գրեթէ կէսը հայերէն չի խօսիր: Երկրին մէջ նաեւ 31 հայկական ինքնավար մարմին կը գործէ:
CATEGORIES Հայկական

