Յայտնուեցաւ Հայ Տաղանդ Մը`Հենրիխ Մխիթարեան
Հենրիխ Մխիթարեան Հանդիսացաւ Առաջին Հայը,
Որ Կոլ Կը Նշանակէ
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի Մրցաշարքին
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցող մրցումները շարունակուեցան երէկ գիշեր, երբ դարձեալ կատարուեցան ութ ճակատումներ` չորս խմբակներու մէջ:
Ե. խմբակին մաս կազմող Շախտիոր Տոնեցք, որ Ուքրանիոյ մէջ հիւրընկալեց Նորտսժայելանտը (Դանիա), ապահովեց մրցաշարքի իր առաջին երեք կէտը` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Շախտիորի յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին երկու կոլերը (44-րդ եւ 76-րդ):
Մխիթարեան այսպիսով հանդիսացաւ առաջին հայ ֆութպոլիստը, որ այս մրցաշարքին կոլ կը նշանակէ:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք Մխիթարեան նշանակած է 12 կոլ:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կալաթասարայը, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Մայքըլ Քերիքի նշանակած կոլին (7-րդ): Անոր խմբակից Նանի 52-րդ վայրկեանին ձախողեցաւ փենալթի մը կոլի վերածել:
Պարսելոնա քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպարտակ Մոսկուան: Քրիսթիան Թելլօ նշանակեց Պարսայի առաջին կոլը (14-րդ), իսկ Լիոնել Մեսսի` մնացեալ երկու կոլերը (72-րդ եւ 80-րդ):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ե. ԽՄԲԱԿ
Չելսի – Եուվենթուս 2-2
Շախտիոր Տոնեցք – Նորտժայելընտ 2-0
Զ. ԽՄԲԱԿ
Պայէրն Միւնիխ – Վալենսիա 2-1
Լիլ – ՊԱԹԷ Պորիսով 1-3
Է. ԽՄԲԱԿ
Պարսելոնա – Սպարտակ Մոսկուա 3-2
Սելթիք – Պենֆիքա 0-0
Ը. ԽՄԲԱԿ
Պրակա – Քլիւժ 0-2
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Կալաթասարայ 1-0