Եւրոպայի Ուու-Շուի Ֆետերասիոնին Որոշումով. Հայաստան Որակազրկուեցաւ

Հայաստանի Ուու-շուի ֆետերասիոնի նախագահ Տիգրան Չոպանեան «Ա1+»-ի մարզական թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի ուու-շուիստները իրաւունք չունին մասնակցելու 2014-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան, որովհետեւ որակազրկուած են:

Այս տարի Թալինի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութենէն ետք, Հայաստանի Ուու-շուի ֆետերասիոնը դժգոհ մնալով իրաւարարներէն, նամակ ուղարկած էր Եւրոպայի Ուու-շուի ֆետերասիոնին` պահանջելով որակազրկել եւ այլ տեսակի ախոյեանութիւններ չվստահիլ գլխաւոր իրաւարար Ալեքսանտր Ռանտունցեւին:

Սակայն, Եւրոպայի Ուու-շուի ֆետերասիոնը, քննարկելով այդ հարցը, որոշում տուաւ որակազրկել ոչ թէ իրաւարարը, այլ… Հայաստանի ֆետերասիոնը:

Չոպանեան դժգոհ մնալով այդ որոշումէն, մտադիր է դիմել տարբեր դատարաններ, որոնց կարգին` Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն:

Սակայն, նկատի ունենալով, որ Ուու-շուն ողիմպիական մարզաձեւ չէ, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն դժուար է ընթացք տայ այս հարցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )