Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Թուրքիոյ Դեսպանը
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման թղթածրարը, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով Թուրքիոյ ի գործ դրած ջանքերը:
Զօր. Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


