Ֆրանսական Դեսպանատունը Կոչ Կ՛ուղղէ Իր Քաղաքացիներուն Զգուշ Ըլլալու
Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն իրենց փոխադրութիւններուն ընթացքին նախազգուշութիւններ որդեգրելու, յատկապէս այսօր` ուրբաթ, 21 սեպտեմբեր 2012-ին:
Այս զգուշացումը իբրեւ կարճ նամակ ուղարկուեցաւ Լիբանանի մէջ բնակող ֆրանսացի քաղաքացիներուն բջիջային հեռաձայններուն:
Ֆրանսական դեսպանատունը կոչ ուղղեց նաեւ հեռու մնալու դեսպանատուներէն եւ աղօթավայրերէն:
ՄԻՒՍ կողմէ, Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան պաշտօնական բանբեր Ամանտա Ճոնսըն յայտնեց, որ դեսպանատունը մտահոգութիւններ չունի զինք թիրախ դարձնել միտող բռնարարքներուն հաւանականութենէն: Ան աւելցուց, որ դեսպանատան շուրջ իրենց որդեգրած ապահովական միջոցառումները արտակարգ չեն, այլ` սովորական:
CATEGORIES Լիբանանեան

