Ազգային Երկխօսութեան Նիստ Նախագահ Սլէյման Ներկայացուց Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Իր Պատկերացումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի նախագահական պալատի «22 նոյեմբեր»-ի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ,  երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, երեսփոխան Միշել Մըր, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, երեսփոխան Ժան Օղասապեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Ֆայեզ Հաժ Շեհին:

Նիստէն բացակայեցան Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի:

Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան իր պատկերացումը: Նախքան պաշտպանութեան ռազմավարութեան իր պատկերացումը ներկայացնելը, նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն` դրուատելով Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութիւնը, որ Լիբանանին վերադարձուցած է իր կարեւոր դիրքը եւ արժանիքը, իբրեւ պատգամ երկիր` համերաշխութեան եւ ազգային միասնականութեան:

Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց իր դատապարտումը իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է կառչած մնալ Պաապտայի յայտարարութեան, յատկապէս 12-րդ եւ 13-րդ յօդուածներուն, որոնց հիման վրայ պէտք է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ նախագահ Սլէյմանի ներկայացուցած պատկերացումը պէտք է նկատել մեկնակէտ` սկսելու երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան եւ Դիմադրութեան զէնքին քննարկումը` ընդգծելով աշխուժ երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը գնահատեց պապին Լիբանան կատարած այցելութեան ունեցած դրական ազդեցութիւնը` երկրին կայունութեան եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան, ինչպէս նաեւ ազգային հարցերը երկխօսութեան ճամբով լուծելու ընտրանքին մէջ:

Նիստին ներկայ գտնուած քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայացուցիչները համախոհութիւն գոյացուցին, որ իսլամական կրօնին դէմ պատրաստուած ժապաւէնը գրգռիչ քայլ մըն է, որ կը միտի բաժանում սերմանել եւ կրօններուն ու քաղաքակրթութիւններուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստել:

«Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի երկուշաբթի, 12 նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նիստէն ետք երեսփոխան Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին իրենք համաձայնութիւններ գոյացուցած են զգայուն որոշ հարցերու շուրջ, որոնցմէ է երկրին տնտեսական հարցերը համագործակցութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը` վերջ տալով անոր շուրջ ստեղծուած քաղաքական տարակարծութիւններուն, «որովհետեւ ի վերջոյ անհրաժեշտ է պահպանել լիբանանեան դրամանիշի արժէքին կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը եղած է շինիչ` աւելցնելով, որ իրենք համաձայնած են Սուրիոյ տագնապէն Լիբանանի չէզոք մնալու կեցուածքին շուրջ, ինչպէս նաեւ այդ տագնապէն զանց կացուցելու լիբանանեան բանակը, որ խիզախ դերակատարութիւն ունեցաւ Թրիփոլիի մէջ:

Ժոմպլաթ նշեց նաեւ, որ քաղաքական ուժերը համաձայն գտնուած են նաեւ առեւանգումներուն հարցին արմատական լուծում մը գտնելու կարեւորութեան մասին:

Ակնարկելով նախագահ Սլէյմանի ներկայացուցած երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան պատկերացումին` Ժոմպլաթ զայն նկատեց շատ կարեւոր, սակայն ոչ վերջնական: «Վերջապէս սկսած ենք քննարկել քաղաքական հարցեր, որոնք կը լուծուին միայն շինիչ երկխօսութեամբ», եզրափակեց Ժոմպլաթ:

ՆՇԵՆՔ, որ նիստէն ետք վարչապետ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )