2012-ի Պէյրութի Միջազգային Մարաթոն. Արձանագրութեան Վերջին Պայմանաժամը` 10 Հոկտեմբեր
Պէյրութի միջազգային մարաթոնի յանձնախումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել կիրակի, 11 նոյեմբերին տեղի ունենալիք 2012-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնին, պէտք է իրենց անունները արձանագրեն (ստորեւ տրուած հասցէներուն մօտ): Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 10 հոկտեմբերը:
Անիկա նշեց, որ այդ թուականէն ետք արձանագրութիւնները պիտի դադրին բոլորին դիմաց, ինչ ալ ըլլան պարագաները` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր տարուան նման նոյն այդ օրէնքը պիտի կիրարկուի:
Այս տարուան մարաթոնին (որուն երկարութիւնն է 42,195 քմ) անունը դրուած է «Վազէ՛ ամբողջը»: Այս անունին ընդմէջէն Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբը կ՛ուզէ լիբանանցիները մղել, որ անոնք փորձեն այս մարաթոնը ամբողջացնել եւ զայն կիսատ չձգել:
Յանձնախումբը եզրափակեց ըսելով, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքին, քաղաքներու եւ շրջաններու գլխաւոր հրապարակներուն վրայ, արդէն իսկ կարելի է ականատես ըլլալ այս մարաթոնը խորհրդանշող մեծ-լոկոներուն:
Արձանագրութեան համար կարելի է դիմել հետեւեալ վայրերը.
– Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին գրասենեակները,
– «Պլոմ» դրամատան բոլոր մասնաճիւղերը:
– «Սիթի Մոլ»` Տորա,
– «Տեքաթլոն», «Լը Մոլ» (Տըպպայէ),
– «Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէ» եւ
– www.beirutmarathon.org հասցէն այցելելով: