Կիրակի, 30 Սեպտեմբերին «Վազէ՛ Պէյրութ» Վազքի Մրցումը

Կազմակերպութեամբ «Եունայթըտ Սփորթց աֆ Լեպանոն»-ի, որ Լիբանանի մէջ «Նայքի» ընկերութեան ներկայացուցիչն է, տեղի կ՛ունենայ 5 քմ վազքի մրցում մը` «Սոլիտեր»-ի մէջ գտնուող (կեդրոնական Պէյրութ) «Ուոթըր ֆրոնթ» շրջանին մէջ:

Վազքի այս մրցումը, որ կը կրէ «Վազէ՛ Պէյրութ, անունը, տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 30 սեպտեմբերին:

Անիկա յատկացուած պիտի ըլլայ բոլոր դասակարգերու մրցումներուն (երկսեռ):

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է կիրակի, 23 սեպտեմբերը: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց անունները արձանագրել, կրնան այս մէկը կատարել այցելելով հետեւեալ հասցէին. www.irunbeirut.com:

Նշենք, որ արձանագրութիւնը ձրի է:

Ինչ կը վերաբերի մրցանակակիրներուն, անոնք պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )