Քոնկ Ֆու-Ռուու Շու. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Պէյրութ
19 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր Քոնկ ֆու- ուու շուի հինգ մարզիկներէն կազմուած Լիբանանի խումբը մեկնեցաւ Չինաստան, ուր յատուկ հրաւէրովը Չինաստանի Քոնկ ֆու- ուու շուի ֆետերասիոնին յատուկ մարզիչներու հսկողութեամբ անոնք կատարեցին խտացուած մարզումներ: Աւարտին անոնք ստացան յատուկ վկայականներ` Չինաստանի ֆետերասիոնին փոխնախագահին կողմէ:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյր, իսկ մարզիկներն էին Սօսէ Գազանճեան (Այնճարի Սեւ գօտիներու միութիւն), Մելքոն Պետիկեան (Հայ սեւ գօտիներու միութիւն), Փաթրիսիա Նըսէյր, Էկօ Մազայեֆ (Անթունիէ) եւ Պարպարա Ռասի (Պել Հորիզոն):
Անոնք բոլորն ալ բարձր գնահատականներ ստացան Չինաստանի մէջ:
Ապա, լիբանանեան պատուիրակութիւնը 11 սեպտեմբերին մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր Ռուսիոյ հաւաքականի մարզահամալիրին մէջ մասնակցեցաւ յատուկ խիստ մարզումներու:
15 սեպտեմբերին հաւաքականին մարզիկները, կազդուրուած` հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս, վերադարձան Պէյրութ:
Այս առիթով Այնճարի Սեւ գօտիներու միութեան վարչութիւնը շնորհաւորեց Սօսէ Գազանճեանը, անոր ընտանիքը եւ բոլոր այնճարցիները` միեւնոյն ժամանակ անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ:



