Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի Կրան Շլեմի «Մասթըրզ»-ի Մրցաշարքի Աւարտականին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ճատրակի կրան շլեմի «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ երկու բաժինով եւ երկու տարբեր վայրերու մէջ:

Առաջին բաժինը տեղի պիտի ունենայ 24-29 սեպտեմբերին` Սան Փաուլոյի մէջ (Պրազիլ), իսկ երկրորդ բաժինը` Պիլպաոյի մէջ (Սպանիա), 8-13 հոկտեմբերին:

Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Վիշվանաթան Անանտ, Մակնիւս Քարլսըն, Սերկէյ Քարժաքին, Ֆապիանօ Քարուանա եւ Ֆրանչիսքօ Վալեխօ Փոնս, կ՛եզրափակէ armhess.am:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )