Անհետ Կորած Բարի Ժպիտը…

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Բայց ինչպէ՞ս հաւատալ կեանքի անժամանակ քամիի քանդարար աւերին, որ անակնկալ հարուածով խլեց ու տարաւ ծաղիկ հասակով թանկագին էակ մը, որ կը կոչուէր Արին… Բայց քեզ ինչո՞ւ առին ու տարին… թանկագին Արին:

Կեանքով ու եռանդով լեցուն յոյսի քուրայ մ՛էիր լուսաշող: Բայց ինչպէ՞ս յանկարծ խամրեցաւ արեւավառ նայուածքդ հուրէ: Դուն, լո՜յս աղջիկ: Դուն, բարի ժպիտն իր սպիտակ դէմքին աշխարհին ժպտացող լուսէ՜ աննման աղջիկ: Դուն, անհուն բարութեամբ լեցուն պայծառատե՜սք հայուհի, այս ի՞նչ անօրինակ խաւար պատճառեցիր մեր աշխարհին` Երկինքէն վար բերելով աշնանային գորշ ու տխուր ամպեր:

Այս ի՞նչ դժխեմ աշուն ու չսպասուած տերեւաթափ մը պատճառեցիր դուն, Արին, որ կարկուտի ուժգնութեամբ հարուածեց ձեր ընտանեկան տաքուկ ու քաղցր բոյնը` սուգի մատնելով նուիրեալ հայր ու մայր, քոյրեր ու եղբայր, որոնք հիմա անմխիթար հայեացքով կ՛օրօրեն հասակիդ շուքը: Քու անժամանակ ու անվերադարձ մեկնումով տանջահար են բազմաթիւ հարազատներ ու ընկերներու անհաշուելի փաղանգ մը այսօր…

Սուգի մատնուած են այսօր ՀԲԸՄիութեան եւ ՀԵԸ-ի բոլոր շրջանակները` մեծով ու փոքրով: Հապա քու շատ սիրած պարախումբիդ պատանիներն ու աղջիկները, մարզական խումբերը, սկաուտական կեանքով լեցուն տղաներն ու աղջիկները… անոնք` բոլորը, շուար ու ապշահար նայուածքներով իրարու աչքերուն մէջ յուսահատ կը նային ու կը փնտռեն հաճոյախօս ու կատակասէր զուարթ Արինը` անիծելով զազրելի սեւ պատահարը տնաքանդ:

Ա՞յս էր միթէ նախախնամութեան վերապահած դառն ճակատագիրը քեզի, որ չխնայեց քու գարնանաբոյր ծաղիկ հասակդ, գարնանաշունչ կեանքդ, երազով լեցուն անթառամ աշխարհդ…

Ա՞յս էր իր աստուածային ամենակարողութիւնը… Այս ի՞նչ պաղ ու անհամ աստուածային կատակերգութիւն, տարաբա՜ղդ Արին:

Մահուանդ գոյժը ցնցող էր մեզի համար եւս այդ օր, սահմռկեցուցիչ: Երեւանեան պայծառ առաւօտով պատրաստ էինք դիտելու Հայաստանի անկախացման քսանամեակին նուիրուած տողանցքը: Լիբանանահայ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ խմբուած էինք «Արմենիա» հիւրանոցին առջեւ, որպէսզի յատուկ կարգադրութեամբ մօտէն դիտէինք զօրահանդէսը: Ու յանկարծ… մեզի կը հասնի անհաւատալի եղելութիւնը, բօթը…: Արի՜նը… գարնանային ժպիտ ու երիտասարդութեան բուրող ծաղկահասակ Արի՜նը, աղուոր բնաւորութեամբ ու նկարագիրով բոլորին սիրելի Արի՜նը… զոհ` ինքնաշարժի արկածի՞… Բայց ինչպէ՞ս հաւատայինք պատահարին, ինչո՞ւ էր այս ծաղկահատումը այսքան կանուխ, երա՜զ աղջիկ…

… Ահա, ամիսներ անցած են այդ տխուր պատահարէն, սակայն ոչ ոք մոռցած է քեզ ու կրնայ մոռնալ քեզ… քու աղուոր, բարի ու անմեղ ժպիտդ մեզմէ իւրաքանչիւրի յիշողութեան մէջ արմատացած է մնալու, ապրելու եւ ծաղկելու համար մեր հոգիներուն մէջ առ յաւէտ:

Աստղի մը պէս փայլուն էիր, շողշողուն… ու որպէս այդպիսին, շատ արագ բարձրացար վեր, դէպի երկինք, դառնալու առկայծող նոր աստղիկ, ճաճանչելու համար երկնակամարէն վար… շարունակելու համար աղուոր ժպիտիդ անձրեւը դէպի մեզ: Քու անակնկալ մահով, հաւատացինք, որ մեր նոր աստղ մ՛ալ աւելցաւ աստղերու փաղանգին: Վաղը, ամէն աստղազարդ գիշեր, ապահովաբար պիտի նայիս մեզի վերէն ու հրճուիս` տեսնելով քու կիսատ թողած երազներդ, որոնք պիտի իրականանան… անպայման: Իսկ մենք աչքերը սեւեռած` պիտի դիտենք քեզ նայինք դէպի երկինք` երկնային աստղերու մէջ որոնելու համար ամենափայլունը, ամենապայծառը, ամենալուսատուն եւ հարազատը… մե՜րը:

Խունկ ու աղօթք յիշատակիդ, տարաբախտ աղջիկ…

Բայց ինչպէ՞ս հաւատալ կեանքի անժամանակ քամիի քանդարար աւերին, որ անակնկալ հարուածով խլեց ու տարաւ ծաղիկ հասակով թանկագին էակ մը, որ կը կոչուէր Արին… Բայց քեզ ինչո՞ւ առին ու տարին… թանկագին Արին:

Կեանքով ու եռանդով լեցուն յոյսի քուրայ մ՛էիր լուսաշող: Բայց ինչպէ՞ս յանկարծ խամրեցաւ արեւավառ նայուածքդ հուրէ: Դուն, լո՜յս աղջիկ: Դուն, բարի ժպիտն իր սպիտակ դէմքին աշխարհին ժպտացող լուսէ՜ աննման աղջիկ: Դուն, անհուն բարութեամբ լեցուն պայծառատե՜սք հայուհի, այս ի՞նչ անօրինակ խաւար պատճառեցիր մեր աշխարհին` Երկինքէն վար բերելով աշնանային գորշ ու տխուր ամպեր:

Այս ի՞նչ դժխեմ աշուն ու չսպասուած տերեւաթափ մը պատճառեց իր դուն, Արին, որ կարկուտի ուժգնութեամբ հարուածեց ձեր ընտանեկան տաքուկ ու քաղցր բոյնը` սուգի մատնելով նուիրեալ հայր ու մայր, քոյրեր ու եղբայր, որոնք հիմա անմխիթար հայեացքով կ՛օրօրեն հասակիդ շուքը: Քու անժամանակ ու անվերադարձ մեկնումով տանջահար են բազմաթիւ հարազատներ ու ընկերներու անհաշուելի փաղանգ մը այսօր…

Սուգի մատնուած են այսօր ՀԲԸՄիութեան եւ ՀԵԸ-ի բոլոր շրջանակները` մեծով ու փոքրով: Հապա քու շատ սիրած պարախումբիդ պատանիներն ու աղջիկները, մարզական խումբերը, սկաուտական կեանքով լեցուն տղաներն ու աղջիկները… անոնք` բոլորը, շուար ու ապշահար նայուածքներով իրարու աչքերուն մէջ յուսահատ կը նային ու կը փնտռեն հաճոյախօս ու կատակասէր զուարթ Արինը` անիծելով զազրելի սեւ պատահարը տնաքանդ:

Ա՞յս էր միթէ նախախնամութեան վերապահած դառն ճակատագիրը քեզի, որ չխնայեց քու գարնանաբոյր ծաղիկ հասակդ, գարնանաշունչ կեանքդ, երազով լեցուն անթառամ աշխարհդ…

Ա՞յս էր իր աստուածային ամենակարողութիւնը… Այս ի՞նչ պաղ ու անհամ աստուածային կատակերգութիւն, տարաբա՜ղդ Արին:

Մահուանդ գոյժը ցնցող էր մեզի համար եւս այդ օր, սահմռկեցուցիչ: Երեւանեան պայծառ առաւօտով պատրաստ էինք դիտելու Հայաստանի անկախացման քսանամեակին նուիրուած տողանցքը: Լիբանանահայ պատուիրակութեան ներկայացուցիչներ խմբուած էինք «Արմենիա» հիւրանոցին առջեւ, որպէսզի յատուկ կարգադրութեամբ մօտէն դիտէինք զօրահանդէսը: Ու յանկարծ… մեզի կը հասնի անհաւատալի եղելութիւնը, բօթը…: Արի՜նը… գարնանային ժպիտ ու երիտասարդութեան բուրող ծաղկահասակ Արի՜նը, աղուոր բնաւորութեամբ ու նկարագիրով բոլորին սիրելի Արի՜նը… զոհ` ինքնաշարժի արկածի՞… Բայց ինչպէ՞ս հաւատայինք պատահարին, ինչո՞ւ էր այս ծաղկահատումը այսքան կանուխ, երա՜զ աղջիկ…

… Ահա, ամիսներ անցած են այդ տխուր պատահարէն, սակայն ոչ ոք մոռցած է քեզ ու կրնայ մոռնալ քեզ… քու աղուոր, բարի ու անմեղ ժպիտդ մեզմէ իւրաքանչիւրի յիշողութեան մէջ արմատացած է մնալու, ապրելու եւ ծաղկելու համար մեր հոգիներուն մէջ առ յաւէտ:

Աստղի մը պէս փայլուն էիր, շողշողուն… ու որպէս այդպիսին, շատ արագ բարձրացար վեր, դէպի երկինք, դառնալու առկայծող նոր աստղիկ, ճաճանչելու համար երկնակամարէն վար… շարունակելու համար աղուոր ժպիտիդ անձրեւը դէպի մեզ: Քու անակնկալ մահով, հաւատացինք, որ մեր նոր աստղ մ՛ալ աւելցաւ աստղերու փաղանգին: Վաղը, ամէն աստղազարդ գիշեր, ապահովաբար պիտի նայիս մեզի վերէն ու հրճուիս` տեսնելով քու կիսատ թողած երազներդ, որոնք պիտի իրականանան… անպայման: Իսկ մենք աչքերը սեւեռած` պիտի դիտենք քեզ նայինք դէպի երկինք` երկնային աստղերու մէջ որոնելու համար ամենափայլունը, ամենապայծառը, ամենալուսատուն եւ հարազատը… մե՜րը:

Խունկ ու աղօթք յիշատակիդ, տարաբախտ աղջիկ…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )