Կեանքը Սիրող Սօսին (Դամբանական` Արտասանուած Սօսի Առաքելեան-Փալանճեանի Մահուան Առիթով)

Հարազատի մը անժամանակ մահուան կորուստը չունենալու բախտաւորութեան զգացումով տոգորուած` կը շարունակէի հետապնդել առօրեայ աշխատանքներս ու պարտաւորութիւններս: Սակայն ներոջս` Սօսիին սրտի անողոք տագնապին պատճառած յանկարծական մահը ո՛չ միայն շոգիացուց այս զգացումս, այլ զիս դրաւ յաւիտենական բաժանման անխուսափելի իրողութեան դիմաց: Անկասկած պարագան նոյնն է քիչ թէ շատ ձեր բոլորին համար: Սակայն իմս քիչ մը տարբեր է ձեզմէ, այն իմաստով, որ ան իմ մտերիմ ընկերուհիս էր եւ ճակատագրի բերումով` իմ երրորդ ներս:

Կ՛ըսուի, թէ ամէն անձ ծաղիկի մը բոյրը ունի, երբ ան երթայ, իր բուրմունքը կը մնայ: 1980-ի ամրան, մեր առաջին հանդիպումին, տեսայ, թէ ան համարձակ, զուարթ, իմացական լայն հորիզոնով օժտուած եւ իւրայատուկ նկարագրով անձ մըն էր: Սխալած չէի: Մեր հանդիպումները եղան յաճախակի եւ մտերիմ: Սօսիին սիրտը կը բաբախէր հայութեան բազմատեսակ հոգերով, տագնապներով եւ ապագայի տեսլականով: Գիտէր մանուկի մը նման ուրախանալ նոյնիսկ չնչին յաջողութիւններով, բայց շատ կ՛անհանգստանար ու կ՛ըմբոստանար կեանքի դաժան ալիքներուն դիմաց, որոնք յաճախ հալածեցին զինք Լիբանանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ ու մինչեւ Քանատա:

Ուսումնական եւ գաղափարական գետնի վրայ պատրաստութիւն ստացած այս հայուհին երիտասարդ տարիքէն անդամագրուած է ՀՅԴ-ին եւ ԼՕԽ-ին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է ազգային-հասարարական կեանքին` ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ եւ իրագործելով յատուկ ծրագիրներ Պէյրութէն մինչեւ Մոնրէալ:

Սօսի Առաքելեան-Փալանճեանը ծնած է 19 յունուար 1959-ին, Հալէպ: Ունի երկու քոյրեր` Հուրի եւ Մարալ եւ երկու եղբայրներ` Սերոբ եւ Յարութ: Սօսին զաւակն է հաւատաւոր դաշնակցական Գէորգ Առաքելեանին եւ օրինակելի մօր մը` տիկին Ժոզեֆին Արոյեանին: Ան փոքր տարիքին ծնողքին հետ հաստատուած է Լիբանան: Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Ազգ.  վարժարանը աւարտելէ ետք ստացած է երկրորդականի վկայականը:

1979-1983 հետեւած ու աւարտած է Համազգային  Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի դասընթացքը` մասնագիտանալով պատմագիտական ճիւղին մէջ:

1982-1987 դասաւանդած է հայ լեզու, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան երկրորդական եւ Հայ աւետարանական Թորոսեան միջնակարգ վարժարանին մէջ:

1983-1985 եղած է խմբագիր եւ գործավար ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան  «Ռազմիկ» պարբերաթերթին:

1986-1999 վարած է Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի գործավարուհիի պաշտօնը:

1993-ին իբրեւ հեռակայ ուսանող` յաջողած է ձեռք բերել  Երեւանի պետական համալսարանի վկայականը եւ ստացած է տոքթորայի թեկնածուի կարգավիճակ:

Ան աշխատակցած է հայ մամուլին` գրելով ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ:

2000 թուականին փոխադրուած է Քանատա ամուսնանալով Յարութիւն Փալանճեանին հետ: Քանատայի մէջ ալ ան մաս կազմած է ՀՕՄ-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան: Մտաւորական պատրաստութեամբ, վաստակով եւ հետաքրքրութիւններով այս ամոլը միասնաբար ձեռնարկած են հայագիտական եւ կրօնական դասընթացքներու: Տարիներէ ի վեր Սօսիին մտածումը եղած էր հրատարակել կնոջական պարբերական մը, սակայն այդ կարելի չէր եղած իրագործել նիւթական կամ այլ կարելիութիւններու չգոյութեան պատճառով:  Իր ամուսնոյն գործակցութեան եւ քաջալերանքին շնորհիւ` Սօսին կարողացաւ հրատարակել «Սօսեաց Անտառ» կնոջական պարբերականը: Համեստ պայմաններու տակ հրատարակուած այս պարբերականին իւրաքանչիւր թիւը այնքան մեծ երջանկութիւն կը պարգեւէր իրեն, կարծէք ան իր սեփական երեխային ծնունդը եղած ըլլար:

Սօսին անյագ ընթերցող էր: Կը սիրէր կեանքը, իր անմիջական ընտանիքը, ազգականներն ու բարեկամները, արուեստը, պատմութիւնն ու գիտութիւնը: Ան կը հաւատար, որ կեանքը դէպի յառաջ ընթացք մըն է: Ասոր համար ան Մոնրէալի մէջ ալ շարունակեց իր ուսումը եւ տիրացաւ դեղագործի օգնականի վկայականին: Աւա՜ղ, իր վաղահաս մահուան պատճառով ան առիթը չունեցաւ իր ունեցած գիտութիւնը ի գործ դնելու: Սօսին գնաց` իր ետին ձգելով բազմաթիւ անկատար երազներ ու յոյսեր: Բայց անկասկած զինք ճանչցողներուն հոգիներուն մէջ ձգեց իր անզուգական բոյրը:

Սիրելի՛ Սօսի,

Ես պիտի չմոռնամ քու անհամար վերլուծումներդ կեանքի զանազան իրադարձութիւններու կամ իրականութիւններու մասին:

Ես պիտի չմոռնամ քու խորունկ համոզումներդ եւ ընտանեկան հաճելի ժամանց դարձած անհատնում քննարկումներդ:

Ես պիտի չմոռնամ ընտանիքիդ անդամներուն հանդէպ տածած սէրդ ու անկեղծութիւնդ:

Ես պիտի չմոռնամ տակաւին ինչե՜ր ու ինչեր, որոնց մասին անդրադառնալը հիմա որքա՜ն ժամանակ կրնայ խլել ներկաներու համբերութենէն:

Բուրումնաւէտ ծաղիկները երբեք պիտի չմոռցուին:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի ՍՕՍԻ՛:

Ընկերուհիդ`
ԼՈՒՍԻՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ-ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES