Փիքէ Երկուքէն Երեք Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն
Պարսելոնայի վիրաւորներու ցանկին վրայ աւելցաւ մարզիկ մը եւս` կեդրոնի յետսապահ Ժերար Փիքէ, որ նախանցեալ օր Սպարտակ Մոսկուայի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին վիրաւորուեցաւ:
Ակումբին պատասխանատուները երէկ յայտարարեցին, որ ան երկուքէն երեք շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Թէեւ սպանացի միջազգային յետսապահը պիտի բացակայի Կրանատայի եւ Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք «Լա Լիկա»-ի մրցումներէն, սակայն իր մասնակցութիւնը շատ հաւանաբար բերէ 2 հոկտեմբերին Պենֆիքայի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին:
Նշենք, որ Պարսայի վիրաւորներուն ցանկին վրայ այժմ կը գտնուին յետսապահ Քարլես Փիւյոլ եւ փլէյմէյքըր Անտրես Ինիեսթա:
CATEGORIES Մարզական

