Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն կոչ ուղղեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները հաշուետուութեան կանչելու` Պքերքէի մէջ գոյացած համաձայնութեան դէմ իրենց գործած յեղաշրջումին համար եւ նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու պահանջ ներկայացուած է:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերը հրապարակած են առեւանգումներ գործող աւազակախումբերու անդամներուն լուսանկարները, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց ձերբակալումը դիւրացնել:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը ջանայ Քեսրուանի մէջ ընտրական ցանկ մը կազմել` նախագահութեամբ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի:
Ընտրական այս ցանկին նպատակն է մրցիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընտրական ցանկին դէմ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ ներխուժած է Եուսեֆ Պշարայի առեւանգման գործողութեամբ ամբաստանուած կասկածելիի մը բնակարանը եւ գտած 380 հազար տոլարի գումար մը: Նշենք, որ Եուսեֆ Պշարայի ընտանիքը զայն ազատ արձակելու համար 400 հազար տոլարի փրկագին մը վճարած էր առեւանգողներուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ Իսրայէլի դէմ դիմադրութիւնը կարելի է իրականացնել ազգային միասնականութեան ու երկրին տնտեսութեան պահպանումով:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթին համաձայն, նախագահական պալատին մէջ գումարուած նախանցեալ օրուան նիստը խաղաղ կերպով ընթացած է: Նոյն օրաթերթը շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կոչ ուղղած է հրապարակելու իսլամական կրօնը վարկաբեկող երեւոյթներուն դէմ փաստաթուղթ մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Պաապտայի մէջ գումարուած Ազգային երկխօսութեան նիստը ընթացած է կատարեալ հանդարտութեամբ եւ շինիչ մթնոլորտի մէջ: Ան աւելցուց, որ այդ նիստին ընթացքին արձանագրուած է դէպի յառաջ գացող քայլ մը, սակայն ոչ ոք պէտք է այդ նիստէն հրաշքներ ակնկալէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք իրենց դաշնակիցներուն հետ կ՛ուղղուին մշակելու ընտրական միացեալ ծրագիր մը:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին Հըզպալլայէն խոստում մը պահանջած է` ոչ լիբանանեան նպատակներու համար իր զէնքը չօգտագործելու:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն դրուատեց կառավարութեան կողմէ լիբանանեան բանակը զինելու ծրագիրին վաւերացումը: Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ բանակի զինման յատուկ ծրագիր մը կը մշակուի:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի զարմանք յայտնեց «Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնին նկատմամբ Ֆրանսայի պաշտօնական կեցուածքին գծով: Սահիլի նշեց, որ մտքի ազատութիւնը բացարձակ չէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Լիբանան աշխարհէն անջատուած կղզի մը չէ` աւելցնելով, որ ան վստահաբար կ՛ազդուի շրջանային իրադարձութիւններէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը լիբանանցիները պաշտպանող հովանին է, ինչպէս նաեւ Իսրայէլը պարտութեան մատնած շարժումը: Ան կոչ ուղղեց` նեցուկ կանգնելու Դիմադրութեան:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերն ու բանակը շարունակեցին փճացնել թմրեցուցիչի ցանքերը: Այդ աշխատանքին իբրեւ հետեւանք Տէյր Ահմարի բնակիչները բողոքի ցոյց մը կատարեցին ապահովութեան ուժերուն դէմ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Սաատիյաթի մէջ արձանագրուած բախումները վտանգի ահազանգ հնչեցուցած են` աւելցնելով, որ այդ միջադէպերը հրահրող կողմերուն նպատակն է սադրանքներ նախապատրաստել:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ցած բարձրութեան վրայ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` հասնելով մինչեւ Սայտա:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը չէ բերած` երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով: Ան կոչ ուղղեց խոշորացոյցի տակ չդնելու այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ կան:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, իսկ 95 օքթան պենզինին սակը նուազում կամ յաւելում չէ արձանագրած: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր պենզինի թիթեղին սակը նուազի 500 լ. ոսկիով:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ իրենք դէմ են համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին եւ համաձայն են Ազգային երկխօսութեան նիստին կայացման: