«Կառավարութիւնը Որոշեց Ալիւմինիոմի Մարզին Զօրակցիլ Չորս Տարուան Համար» Ըսաւ Վրէժ Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է Լիբանանի մէջ գործող ալիւմինիոմի մարզին զօրակցիլ` պահպանելու համար այդ ճարտարարուեստը, որ հարիւրաւոր միլիոն տոլարի հասնող աշխատանքներու առիթ կը ստեղծէ, ինչպէս նաեւ հազարաւոր բանուորներու աշխատանք կը հայթայթեն: Այդ որոշումին նպատակն է լիբանանեան հաստատութիւններու սեփականատէրերուն, պաշտօնեաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն իրաւունքները
երաշխաւորել, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապալի կացութիւնը: Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Իրաքը, Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան յուլիս ամսուան ընթացքին մեծ քանակութեամբ լիբանանեան արտադրութիւն ներածած են:
CATEGORIES Լիբանանեան

