Ռուսիոյ Դեսպանը Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիիրակութիւնը Եւ Այցելեց Զօր. Աունի

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին երէկ ռուսական դեսպանատան մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Զասպիքին յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ իսլամական կրօնը վարկաբեկող ժապաւէնին դէմ թէ՛ իսլամները եւ թէ՛ քրիստոնեաները մէկ պատասխան ունին տալիք.  «Այդ պատասխանն է, թէ նման շանթաժներ մերժելի են:  Մենք կը ջանանք գործադրել ազգային միասնականութեան ու համախոհութեան սկզբունքները եւ ճիգ չենք խնայեր շարունակելու գործակցութիւնը` լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ, խստիւ մերժելով սադրանքներու նախապատրաստութիւնը»:

Զասպիքին կոչ ուղղեց շրջանին մէջ արձանագրուած տագնապներուն խաղաղ լուծումներ գտնելու` շեշտելով, որ Ռուսիա պիտի չարտօնէ, որ Սուրիոյ մէջ կրկնուին Եուկոսլաւիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ դէպքերը:

«Մենք պիտի ջանանք Սուրիոյ մէջ արձանագրուած բախումները վերածելու  ազգային երկխօսութեան` հետեւելով ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ Ժընեւի ուխտին:

Ակնարկելով շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ սուրիական ընդդիմութեան զինումը Արեւմուտքին կողմէ կը կատարուի, Զասպիքին յայտնեց, որ այդ լուրերը շատ վտանգաւոր են, որովհետեւ ընդդիմութեան զինումը կը բարդացնէ Սուրիոյ տագնապն ու բախումները:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց դեսպան Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ռուսական դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )