Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Քոնելլին

Քոնելլի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ քննարկեց Ղպէյրիի շրջանին մէջ արձանագրուած միջադէպն ու հարցուց վիրաւորուած զինուորներուն որպիսութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` վերահաստատելու համար լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )